Նորա Պարութճեան | Հականեխում

(Համավարակի թէժ յիշատակներէն)

– Այո՞… բարեւ ձեզ, գիտէք որ այս ձեւով իրաւունք չունիք ներս մտնելու։ Ի՞նչ կ’ուզէք։
Խստապահանջ ոճով դիմեցի անդիմակ եւ անձեռնոց երիտասարդին, որ մուտքին զետեղուած ջրալքոլով ձեռքերը չհականեխած եկաւ կանգնեցաւ գրասենեակիս դրան առջեւ սպասողական։
-Այո այո գիտեմ, կը ներէք։ Արդեօք պարոն Ռ.ին մարմինը տարուեցա՞ւ։
Մեռելաթաղ ընկերութենէ կու գար։
-Ըըըըը … այդ անձը մի քանի օր առաջ մահացաւ … ինչպէ՞ս հոս ըլլայ տակաւին… չէ, տարուած ըլլալու է, բայց ե՞րբ, չեմ յիշեր։ Այնքան կան որ։ Սպասեցէք, ստուգեմ։
-Ալօ՞, Գը՞. կը յիշե՞ս երբ տարուեցաւ Ռ.ն։
-Չէ, չեմ յիշեր, վարը կարաժը դրուած դագաղը իրեն համար չէ՞։
-Չէ, ատիկա տիկին Փ.ին համար է, վաղը պիտի գան։
-Անանկ է նէ չեմ գիտեր։
Արագ վազեցի յարկը։ Սենեակը կղպուած էր, մուտքը արգիլող կապտագոյն յատուկ լոյսը վառ։
– Ի՞նչ կ’ըլլաս Մ., սա դուռը բաց, նայէ մարդը դեռ հո՞ս է։ Եկեր են տանելու, հոս է, հոս չէ չեմ գիտեր։ Ալ բա՛ն չեմ յիշեր, ա՛լ չեմ կրնար հետեւիլ։ Ես չեմ նայիր, դուն ըրէ տեղս հաճիս։
Տագնապս տեսնելով Մ.ն յամրաքայլ մօտեցաւ դրան, զգուշութեամբ բացաւ.
– Հա, հոս է դեռ։ Կապոյտ-կապոյտ։ Այսքան ատեն ի՞նչպէս մնացեր է, մարդը մոռցանք։
Փախայ։ Աստիճաններէն վազելով իջայ, կարծես սենեակ մտնողը ես եղած ըլլայի եւ կապտածը ձեռքը նետած ըլլար վրաս։
Հալածական, հազիւ ինքնազուսպ հասայ երիտասարդին.
-Այո, հոս է եղեր։
-Սկզբունքով մենք երէկ պէտք է գայինք, տիկին, – սկսաւ բացատրել,- բայց դագաղի մթերքը սպառած էր, այսօր ստացանք դագաղները, ուրեմն հիմա եկայ։ Անմիջապէս պիտի տանինք։
Ապշութիւնը ագցանեց գլուխս. rupture du stock de cercueils ըսաւ մարդը։ Կարծես վարտիք-շապիկ է։ Բան մը հրեց ետեւէս, դուրս թռցուց։ Նետուեցայ պարտէզ, ինչպէս ցնցուած շիշին կազոտ պարունակութիւնը կը ֆշշայ բերանը մէկէն բացուելով։ Սկսայ ձեռքերով խենթի շարժումներ ընել, վազել-քալել դէպի առանձին անկիւն, փսխելու համար պէտքարան աճապարողի պէս։ Ելաւ ելաւ ելաաաաւ վեր կոկորդէս ձայն մը, որ չհասկցայ որո՞ւնն էր։ Հոգս չէր այլեւս. թերեւս իմս էր, բայց ես ծանօթ չէի ատոր։ Յանձնուեցայ։ Ինչ որ էր՝ բարի էր։
Զսպուած ոգին աղմուկով դուրս կ’ելլէր մէջէս։ Չէի լար, չէ, կը հեկեկայի. կը բողոքէի չեմ գիտեր որո՞ւ դէմ, կը գանգատէի ինքզինքէս։ Ամպոտած էի։ Որոտացի։ Ինչո՞ւ չէի կրցած հասկնալ, որ … չեմ գիտեր ինչ հասկնալ։ Մենք կ’ապրէինք արագօրէն անցնող- դարձող իրականութիւնը, որուն հետեւիլ չէինք կրնար այլեւս։ Ֆիլմի արագ դարձող ժապաւէն էին օրերը։ Չէինք տեսներ նկարները, բաներ մը միայն կը տողանցէին։ Դէպքերը չէին հետեւեր մէկը միւսին, վրայ վրայի կու գային, կը դիզուէին, կը կուտակուէին, ձիւնագնդակի կը վերածուէին, եւ մենք՝ կը գլտորուէինք, չեմ գիտեր անկէ հալածուա՞ծ, թէ՞ անոր հասնելու եւ զայն ըմբռնելու համար։ Չէինք հասկնար։ Բոլոր տեսակի ենթադրութիւնները ազատ ելումուտ կը գործէին մեր միտքին մէջ, հազիւ բան մը մտածած՝ զայն կը բաժնէինք ուրիշին հետ եւ միշտ նոյն եզրակացութիւնը. ամէն բան սպասելի է այլեւս։ Քոնթրոլը մեզմէ ելած էր։ Ամէն անգամ իրարու նոյն խօսքը կը կրկնէինք նորութիւն մը արտաբերողի պէս. ՙՉեմ դիմանար, ի՞նչ պիտի ըլլայ, ինչպէ՞ս փրկենք եղածը՚։
Բայց պէտք է դիմանայինք։ Մատ մատի, խելք խելքի, աչք աչքի փոքրիկ բուրգ մը կազմուեցաւ անոնցմէ, որոնք որոշած էին մնալ, չլքել վայրը եւ միւսները, քանի որ գործի չգալը միայն չաշխատիլ չէր այլեւս, այլ ընկերները զրկել շարժող ձեռքէ մը, ուժէ մը. շատ թանկարժէք՝ այս պատրաստակամութիւնը։ Սակայն, ամսականաւորները չսպասեցին երկրորդ օր մը։ Ապարդիւն անձնազոհութիւն համարուեցաւ պաշտօնապէս յայտարարուած իրաւունքէն չօգտուիլը. ՙկը մնաք տուն՚։
-Մենք կը մնանք տուն, կ’աղօթենք ձեզի համար, որ Աստուած ուժ կարողութիւն տայ ձեզի …։
Դիմանալու համար պէտք է մանաւանդ խնդայինք։ Եւ բերանախոռոչային նման արտադրութիւններ մեզ կուշտ ու կուռ խնդացուցին։ Ներքին գործարաններու ելեւէջ՝ ընդամէնը, յետերկրաշարժային ցնցումներ, որ չեն ալ ցնցեր այլեւս։
Ռ.ն տանելու երբ եկան, ես նոր վերադարձեր էի յարկերուն սովորական շրջանը կատարելէս, բայց այս անգամ շատ էի աճապարած։ Խեղդած էին զիս հոտերը։ Այդ հոտերը, դեղի, կղկղանքի, տաքի եւ չէի անդրադարձած՝ նաեւ դիակի … կամ դիակնացած մարմիններու, որոնց գաւաթ մը ջուր խմցնելը առաքելութեան տեղ անցած էր հիմա։
Անտանելի հոտը սակայն մարդոց բերնէն թափուողն էր։ Բերանն էր։ Ինչեր չելան անկէ։ Ինչպիսի եղունգներ դեւահոտ փաղաքշանքով խռչափողէ անցնելով խրուեցան թոքերուն մէջ անոնց, որոնք կտոր մը շունչի աղաչանքին մէջ տապլտկեցան դիմադրելու եւ յարատեւելու սիրոյն։ Առանձինն։ Կոյր նայուածքին տակ խաբկանքի իմաստութեան՝ ինքնարդարացում փնտռող եւ գտնո՛ղ անշուշտ ։ Ճիշդ ու սխալ ջնջուեցան, բռնկեցաւ տրամաբանութիւնը, որ իր էութեան հաւատարիմ, ամէն բեմի վրայ պարել գիտէ։ Մնացին տրամաբանութիւնը արհամարհողները։ Միշտ այդպէս կ’ըլլայ։ Այս անգամ ալ այդպէս եղաւ եւ անոնք, որոնք չէին մտածեր, ժամանակ չկար, սկսան շարժիլ ու վազվզեցին կասկածելով հանդերձ, որ տեղ չունին հասնելիք։ Բայց մնացին։ Կարծես մնալու համար։ Չէ, ոչ թէ կարծես, այլ՝ վստահաբար։
Եւ՝ ահա. կեանքերը փրկելու անկարողութեան կ’աւելնար մեռելներու հաշիւը պահելու անհրաժեշտութիւնը, որուն մէջ ալ թերացեր էի։
Թերացում ամէն կողմէ։ Կը հալէինք։ Բորոտի թափթփուքներ։ Ամէն վայրկեան բան մը կը փրթէր մեզմէ, յուսահատութեան սրընթաց ժամանումը նախազգուշացնող հովերը կը փչէին մեր դէմքին։ Բայց մենք չունէինք հովանի։
Բոլորիս հագուստները վառեցան։ Մես-մերկ կեցանք իրարու դիմաց։ Անծածկոյթ։ Ի յայտ եկան քօղարկուած տձեւութիւններ եւ քօղազերծուեցան վերապահ գեղեցկութիւններ։ Բացին տրուած էինք։ Ձեւ չունէինք պահուըտելու։
Իրականութեան մէջ, արկածախնդրութիւնս հոս սկսաւ։ Հաճոյք սկսայ առնել տապալումէն։ Բախտը կշիռք մը կ’երկարէր չափչփ(ու)ելու։ Հեկեկանքս զիս բաժնեց ինքզինքէս։
Չուանէ սանդխամատերէն մէկ առ մէկ բարձրացայ օրօրուելով։ Լուսարձակը՝ դէպի վար, ես՝ միակ հանդիսատեսը կրկէսին։ Անզրուցակից։

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *