Մարուշ Երամեան | Քարտիսագրութիւն Գրիգորի Քերթողութեան

Գիրքը որուն մասին կը մտածեմ/կը գրեմ[1], չեմ գիտեր թէ քանի՞ ընթերցող պիտի ունենայ։ Հաւանաբար աւելի, քան «Մարտ»ի[2] ընթերցողներուն թիւը, եւ շատ աւելի քան «Տրամ»ի[3] ընթերցողներունը։

Կը յիշեմ, «Մարտ»ի առընչութեամբ յարգելի մտաւորական մը կ՚ըսէր.

«Կ՚ուզեմ գրել այդ գիրքին մասին. բայց գրելը ահագին աշխատանք կ՚ենթադրէ թէ՛ ընթերցումի եւ թէ գրելու առումով. իսկ ես տրամադիր չեմ այդքան ծանր աշխատանք տանելու»։

Միւս կողմէ հեղինակը ինք եւս, որոշ չափով եւ մինչեւ որոշ տեղ մը համոզուած է՝

«Խոստովանութիւն ըրած չեմ ըլլար, երբ ըսեմ, որ մօտիկ, շատ մօտիկ բարեկամներ չեն կարդար, չեն կրնար կարդալ ինչ որ կը գրես, որով կը գրես միշտ քիչ մը յետմահու»[4]։

Հակառակ հեղինակին այս համոզումին, մենք կը կարծենք, որ պիտի ըլլան ընթերցողներ այս գիրքին, որովհետեւ գիրքը իրապէ՛ս կարեւոր է, – կը հաստատենք գիրքը ամբողջութեամբ կարդալէ ետք միայն, – երկու առումներով.

ա – որպէս քարտիսագրութիւնը Գր. Պըլտեանի քերթողութեան. ու եթէ նկատի առնենք, որ այդ քերթողութիւնը նոր տարածքի մը մէջ է որ կայ, կրնանք հասկնալ քարտէսի մը անհրաժեշտութիւնը։

բ – այս զրոյցով Պըլտեան կը խօսի ո՛չ միայն իր քերթողութեան մասին, այլ այդ  քերթողութեան ընդմէջէն, գրական-քերթողական արդիականութեան մասին, նոր մօտեցումներու կարելիութիւններ բացայայտելով։ Այդ մօտեցումներուն գլխաւոր յատկութիւնը այն է, որ հակառակ արեւմտեան սկզբնաղիւրներուն, կը մնան մե՛ր աւանդութիւններէն ծնած, այդ աւանդութիւններուն քաջատեղեակ, բայց զանոնք զանցող։

Զրոյցները կը վերբերեն գիրին, ու մանաւանդ քերթուածին առընչուող, զայն շրջապատող եւ ներսէն «բանող» ամէնէն հիմնական հարցերը. «Անշրջանցելի հարցումներ կան, որոնք միշտ մեզ կը դնեն նոյնին առջեւ»[5]։

Հին էին մեր ընթերցումի կերպերը եւ պէտք էր մէկը գար ու նոր կերպեր բանաձեւէր մեզի համար։

Վաղուց, շա՜տ վաղուց չէր խօսուած, թէ ի՞նչ էր բանաստեղծութիւնը, եւ ի՞նչ է ան այսօր, այս ժամանակներուն մէջ, որոնք յաճախ հապճեպ կերպով «անբանաստեղծական» կ՚որակուին։

Ուրեմն, գիրքը, որուն մասին կ՚ուզեմ գրել, նախապէս, տարբեր առիթներով, տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր թերթերու մէջ լոյս տեսած զրոյցներու եւ նամակներու հաւաքածոյ մըն է, «Զրոյցներ Բանաստեղծութեան Մասին» խորագրուած։ Իւրաքանչիւր զրոյց սեւեռումի կը բերէ Պըլտեանի  քերթողութիւնը, կա՛մ հատորներու ընդմէջէն, ինչպէս է պարագան «Տեղագրութիւն Քանդուող Քաղաքի մը Համար»ին (զրոյց՝ Վ. Թեքեանին հետ), եւ «Հակաքերթուած»ին (նամակ Մարկ Նշանեանին), կամ յուշերով, կապուած Ն. Սարաֆեանին, եւ կամ բանաստեղծութեան կապուած հարցերու արծարծումով, ինչպէս բանաստեղծութեան եզր – պատմութիւն – քերթուածին շուրջ բեւեռումը։ Անշուշտ կան «Տրամն ու «Մարտ»ը. բայց անոնք մեր գրականութեան մէջ եղած «ընթերցումներ» են, մինչ ասոնք կը մնան ի՛ր, Պըլտեանին  քերթողութեան ընթերցումները (բառը իրմէ փոխ առնելով)։

   Զրոյցները թէեւ գրուած ու հրատարակուած նախապէս, ճիշդ ատենին կը հասնին այսպէս գիրքի մը մէջ սեղմուած, ստիպելով, որ ընթերցողը (մէկ ծայրէն միւսը գացող թէ ետ ու առաջ ընող), կեդրոնացած մնայ բանաստեղծութեան մէջ/շուրջ։

   Ճիշդ ատենին կ՚ըսեմ, որովհետեւ գիրքը նժարային հաւասարումի կը բերէ Պըլտեանի  քերթողութիւնը (որ նկատառելի քանակ մը կը կազմէ, որակի անսովոր արժանիքներու կողքին), եւ անոր տեսաբանութիւնը։ Այսինքն Պըլտեան դուրս կու գայ նորարարութեան թակարդէն՝ տեսաբանական տրամաբանութեան քովն ի վեր փռել անհամոզիչ եւ անարդարանալի ստեղծագործութիւն։ Պըլտեան նոյն վոլթին վրայ լարուած կը պահէ այս գիրքով, իր  քերթողութիւնն ու այդ  քերթողութեան տեսաբանութիւնը։

   Գիրքին ամբողջութիւնը կը խօսի  քերթողութեան մէջ շատ հիմնական, ի սկզբանէ գոյութիւն ունեցող հարցերու մասին. այսպէս.

ԱԻնչո՞ւ գրել

  Այս հարցումը, բացայայտ թէ թաքուն, միշտ եղած է Պըլտեանի մօտ, թէ արձակ եւ չափածոյ գործերուն մէջ, եւ թէ անոնց ետին հաւասարապէս։ Ճակատում կեանքի ինչուներուն դէմ, որոնց դիմաց լաւագոյն ձեւը գրելն է։

   Նախ՝ գրել կարենալ խօսելու համար։ Դէպք մը տարբերակներով գրելը, կրնայ զայն բացայայտել, անոր մութ մասերը լոյսին հանել, եւ, որպէս հետեւանք, խօսքի վերածել բան մը, որ կը մերժէր խօսուիլ։ Կարելիութիւններու բազմազանութիւն մըն է, որուն կը դիմէ հեղինակը «խօսելով», իսկ տարբերակները միշտ ալ նոր եզրայանգումներու կարելիութիւն կը պահեն իրենց մէջ։ Այս տարբերակները դէպքի մը մակարդակէն անդին կ՚անցնին, հասնելու նաեւ մինչեւ լեզուական մակարդակը, որ, խորքին մէջ, հեղինակին գլխաւոր մտահոգութիւնը կը մնայ, ծածկուած անոր՝ դէպքին չքմեղանքին տակ։

   «…դէպքը, որ հայրիկը լռեց եւ որ քեզի կը մնայ ճկելով, խորտակելով, պայթեցնելով փականքը վերջապէս, խօսիլ»[6]։

   Ապա գրել, զանցելու համար գրելու անկարողութիւն մը, սկիզբէն իսկ ապրուած/զգացուած։ Ասիկա անշուշտ բառացի անկարողութիւնը չէ գրելուն, ուղղակիօրէն Պըլտեանին առընչուած, այլ՝ գիրին անկարողութիւնը, բացայայտելու ներքին ճշդուած բան մը։ Այսինքն անկարողութեան զանցումը կը դառնայ գիրը իր սահմաններէն հանելու, անոր սահմանները կարելի թէ անկարելի չափերով ընդլայնելու ձգտում մը, փորձ մը։

   «Գրութիւնը լեզուին անհաղորդման ստանձնումն է»[7]։

   Գրել ոչ որպէս ինքնարտայայտումի միջոց, «չեմ գրեր արտայայտուելու համար»[8], այլ որպէս մտածումի միջոց.

«Գրելը ինծի համար չէ դադրած ըլլալէ մտաւորական գործողութիւն մը, անդադար ինքզինք քննարկող, փորող, ընդարձակող, հարցաքննող աշխատանք մը, որ կը կանգնի շատ ասդին գեղեցիկի մը կամ ճշմարտութեան մը այնքան յարգելի, բայց, կրկին ինծի համար՝ հեռաւոր ու անմատչելի որոնումներէն»[9]։

   Թէեւ Պըլտեան յաճախ կ՚ըսէ թէ իրեն համար լեզուն միջոց չէ բան մը պատմելու, բայց այստեղ կ՚ընդունի նաեւ, որ լեզուն միջոց է բան մը մտածելու, թերեւս աւելի ճիշդ կ՚ըլլար ըսել՝ լեզուն միջոց մըն է լեզուն մտածելու։ Այսպէսով է, որ լեզուն կը դառնայ վայրը, ոչ միայն բնակելու,- ինչպէս Սփիւռք,- այլ նաեւ վայրը ըլլալու, կացութիւն մը եւ կեցութիւն մը փոխադրելու լեզուին մէջ, եւ ատով իսկ արտայայտելու համար ժամանակը, որ կարծես անընդհատ խոյս կու տայ իրմէ։ Վայրի եւ ժամանակի բարդ յարաբերութիւն մը, որուն վայրը լեզուին մէջ է։

Բ – Ինչո՞ւ այսպէ՛ս գրել

   Յաճախ հարց տրուած է Պըլտեանին, թէ ինչո՞ւ այսպէս կը գրէ,- ինչպէս որ կը գրէ։ «Այսպէս»ին մէջ կ՚իյնան խտութիւնը, գրաբարեան արտայայտութիւնները եւայլն։

   Անշուշտ ամէնէն առաջ կայ ոճի հարցը, որուն մէջ բացարձակօրէն ազատ է հեղինակը,- թերեւս ասիկա հեղինակին միակ ամբողջական ազատութիւնն է,- իսկ վերը յիշուածները կը նշեն ոճը։

   «որովհետեւ կը սիրեմ լաւ բանուածքը, փորուածքը»։

   «Գրածներս թափանցիկ չեն, որովհետեւ ոչինչ կ՚արտայայտեն. հարցեր կը կոչեն, կը կանչեն, որոնք միայն իմս չեն, մեր կացութեան են»[10]։

Այստեղ կայ անշուշտ փորձը լեզուն ձերբազատելու իր կարգ մը քերականական կամ շարահիւսական պարտադրանքներէն. պէտք չէ մոռնալ, որ Պըլտեանի  քերթողութիւնը սկիզբէն իսկ փորձառական հակումներ կը ցուցաբերէ։ Արդիւնքը կրնար շատերու համար համոզիչ չըլլալ, սակայն, ինչպէս ըսինք այս գրութեան սկիզբը, իր զրոյցները կը բացայայտեն (չեն միտիր համոզել) իր սկզբունքները։

Իսկ գրաբարով մէջբերումները, «կա՛մ կու գան իբրեւ ծէսի լեզու, կամ իրողութիւն մը կը մեկնաբանեն ազգագրական աչքով»[11]։

ԳԻնչո՞ւ Բանաստեղծութիւն

«Բայց ինչո՞ւ ոտանաւոր գրել»[12]։

Զգալի հիւմիւր մը կայ այստեղ, ոտանաւոր բառին տակ, ըսուած գրողի մը կողմէ, որ պարզապէս կը յայտարարէ.

«Չեմ կարծեր, որ ինչ որ կը գրեմ բանաստեղծութիւն է»[13]։

Եւ անմիջապէս, անհրաւէր, կու գայ հարցը՝ եթէ բանաստեղծութիւն չէ գրուածն ու հրամցուածը, ի՞նչ է ուրեմն։

Կարդալէ ետք ամբողջութիւնը Պըլտեանի  քերթողութեան, կամ ինչ որ լոյս տեսած է անկէ մինչեւ այսօր, կը մղուինք մտածելու, ու հաւանաբար բանաստեղծութիւնը բանաստեղծութեամբ մտածելու, բանալու, փորելու արարք մըն է այս  քերթողութիւնը, որ իր սկզբնաւորումին մէջ իսկ կը տարբերի ընթացիկ  քերթողութենէն, թերեւս անոր համար միայն, որ կը մերժէ ներշնչումը եւ ճամբայ կ՚իյնայ մտածումին ուղիներով։

Ինչի՞ կը ծառայէ նման  քերթողութիւն, ուր վերջին նպատակը «վեհացումը» չէ բնաւ. բայց, արդեօ՞ք որեւէ բանի կը ծառայէ  քերթողութիւնը, ինքզինք ըլլալէ զատ։ Պըլտեանի համար, «քերթուածը հարկին տակն էր աշխարհը ըսելու եւ ինքզինք պատմելու նոյն ատեն»։ Եթէ նկատի առնենք սակայն, որ Սփիւռքը ամբողջութեամբ լեզուին մէջ է, կրնանք հասկնալ, որ  քերթողութիւնը այս պարագային, կը դառնայ միջոց, լեզուին մէջ բացակայ լեզուն փնտռելու, պեղելու։

«Սփիւռք եւ բանաստեղծութիւն, Սփիւռք եւ գրութիւն, տեղ մը հանդիպին իրարու»[14]. որովհետեւ «քերթուածը յայտնաբերելու էր աշխարհը, որ կը յայտնաբերէր քերթուածը իր կարգին»[15]։

Իր մեկնակէտին իսկ, Պըլտեան որպէս բանաստեղծ, ընտրած է շատ անսովոր ուղի մը, կարելի է ըսել նոյնիսկ՝ բացած է ամբողջովին նոր ուղի մը, մօտեցումի կերպ մը թէ՛ գրելու, թէ այդ արարքը մտածելու. բանաստեղծութիւն գրելը կը վերածուի մտաւոր աշխատանքի, որ կը ձգտի ճշդել անոր խօսելու մեկնակէտը որպէս բանաստեղծութեան պատմութիւնը, որուն «վայրերը», «բանատեղերը, ուր եւ որով բանաստեղծութիւնը կ՚ըլլայ, առասպել, աղօթք եւ քնարերգութիւն են, որովհետեւ այսօր բանաստեղծութեան գիտակցութիւնը բանաստեղծութեան պատմութեան յիշողութիւնն է»[16]։ Իսկ այդ պատմութիւնը սահմանելը կը դառնայ «վարանումձգտում մը ընդմէջ բանաստեղծութիւն ուզել ըլլալու մը եւ բան մը ըսել ուզելուն»։ Տարբեր բաներ են ասոնք եւ «որքան բանաստեղծութիւն մը ուզէ բանաստեղծութիւն ըլլալ, այնքան նշանակութեան հնարաւորութեան կը փակէ ինքզինք»[17]։ Ասո՞ր համար է, որ Պըլտեան միշտ բաց կը ձգէ տեղը մակնիշին իր գրածներուն եւ կ՚ըսէ՝ «չեմ կարծեր, որ ինչ որ կը գրեմ բանաստեղծութիւն է»։

Բառ-ա-խաղ

Պըլտեանի երկին ամբողջութիւնը լրջօրէն կարդացող ընթերցողը պիտի նկատէ, որ իր քով, բառերը զարմանալի, միաժամանակ շատ հրապուրիչ եւ լուրջ խաղի մը մէջ են։ Անշուշտ ասիկա բնազդական խաղը չէ մանուկ հոգիներու, այլ խիստ գիտակցուած արարքը, որ կը մտնէ արմբողջութեանը մէջ միւս մեծ խաղին՝ գրելուն։

«Նորէն անկարելի բառախաղ մը։ Ստիպուած եմ հետեւիլ բառերուն եւ որսալ անոնց մէջ պահուած իմ կարելիութիւնս։ Բառախաղը մտածման եղանակ մըն է, քերականութենէն ու բառակազմական օրէնքներէն անդին։ Չեմ ըսեր, որ լուրջ բան է, հակադրելով անլուրջին։ Նման արժեչափերէ ալ անդին է»[18]։

Այս խաղին մէջ կը մտնեն

– նմանաձայն բառերը՝ «աւետումը կ՚ըլլայ աւերում»[19]

– բառերը կիսելու ձեւը՝ «ոչ մէկ պատգամ անցեալէն կամ ներկայէն, կարծէք պատգամուած ըլլայինք ոչ մէկ պատի»[20] կամ՝ «ստեղծել ինքզինք եղծել, ստեղծել»[21], կամ «կը համբերէ, այսինքն համ կը բերէ բերնին»[22]։

– Բառին մէջ ուրիշ բառեր փնտռելու հակումը՝ «գիրերու աշխարհը կ՚առնէ իր մէջ իրերու աշխարհը, ինչպէս գիր բառին մէջ կայ իրը»[23]։

Եւ անշուշտ այս ամբողջը հիմնող-արդարացնող մտածումը՝ «բառը բոլորիս մտքին մէջ իմաստի ամբողջութիւն կը թելադրէ, մինչ մտահոգ եմ իմաստին ապիմաստով», որովհետեւ «չեմ ուզեր բառը վերածուի ֆեթիշի»[24]։

 

Սփիւռքը եւ Գրողները

Զրոյցները լեզուականէն, ստեղծագործականէն եւ բանաստեղծականէն անդին եւ անոնց զուգահեռ, անպայմանօրէն կը խօսին Սփիւռքը նաեւ, որ սկիզբն է այս կեցութեան եւ կացութեան, ըլլալով նաեւ էութենական, բայց միշտ զանցուած, մնացած միշտ փակ։ Այս չստանձնումին բնական արդիւնքն է անշուշտ «ընդհանրացեալ» ամլութիւնը, որուն առջեւ կը շարունակենք յամառօրէն անակնկալի գալ, չհասկնալ իբրեւ թէ։

Ամլութիւնը որուն մասին տասնամեակներէ ի վեր կը խօսուի (ի վերջոյ այս նամակը, Զ. Որբունիին ուղղուած, գրուած է 1977-ին), տարբեր մակարդակներուն վրայ կը բանի, անհատականէն մինչեւ հաւաքական։ Մշակոյթին մէջ է սակայն, արուեստներուն եւ մանաւանդ գրականութեան մէջ, որ կը դառնայ ճչացող իրականութիւն եւ կը խոցէ։

Իրականութիւն, այո՛, բայց զո՞վ կը խոցէ գրական ամլութիւնը Սփիւռքի մէջ։ Արդէն այս ամլութիւն բառը կրնայ, ջախջախիչ մեծամասնութեան մը համար, խիստ վիճելի ըլլալ. ի՞նչ ամլութիւն, երբ թերթերն ու հանդէսները կը շարունակեն լոյս տեսնել, տարբեր գաղութներու մէջ հրատարակուող տասնեակներով գիրքերու կողքին։

Պարզ է սակայն, որ նման «առատութիւն» նոյնքան կը հաստատէ ամլութիւնը, որքան լոյս տեսնող գիրքերը, երբ ոչ մէկ ճիգ կայ ժամանակը «հնչեցնելու»։

Անշուշտ հեշտ բան չէ Սփիւռքի մէջ գրող ըլլալ, հայերէնով գրել.

«Հայերէնով գրել, Սփիւռքի մէջ, բախիլ է բոլոր միւս, յարակից, մեզ շրջապատող, մեր բերնին մէջ իրար հրմշտկող լեզուներուն»[25]։

Սակայն երբ չկայ ստանձնումը, ամլութիւնը կը շարունակուի այսպէս. «Սփիւռքի ոտանաւորը յոգնեցուց մեր լեզուն, մաշեցուց տաղաչափութիւնը իր քառասմբակ հնչեակներով։ Լեզուի պահպանումը չի ստեղծեր լեզուն, զայն կը պարպէ։ Եւ դեռ կայ աւելին. Սփիւռքի ոտանաւորը անկարող է անգամ հարցադրութիւն ստեղծելու, մտածելու իր պայմաններուն մասին իբրեւ գրողական արարք»։

«պէտք է պատուաստումի եղանակներ փնտռելփորձել»[26]։

Կրնա՞նք համաձայն չըլլալ Սփիւռքի գրողներուն մասին եղած այս հաստատումին.

«Մեր բանաստեղծներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը աղուոր ու գեղեցիկ արտայայտութիւններու մէջ արդէն ծանօթ տուեալներ կը կրկնէ։ Կան որ բառի, ձայնի, պատկերը սանկ ու նանկ խախտումներու կը վերագրեն բանաստեղծութեան մը յայտնութիւնը, որ եթէ միանայ տողի ու էջի ընձեռած հնարքներուն կը ստեղծէ պատրանքը նորին։ Բանաստեղծութիւնը չի մտածուիր, քանի որ բանաստեղծութիւնը կը զգանք»[27]։

Կրնա՛նք համաձայն չըլլալ. բայց երեւոյթը իրողութիւն ըլլալէ չի դադրիր։

Շատերու կրնայ թուիլ, թէ այս գիրքը նպատակադրուած է սպառումի, կամ բացայայտելու քերթողութեան էութիւնը։ Միամտութիւն պիտի ըլլար ատիկա։ Այստեղ, վերջնական ձեւակերպումներէ աւելի, հին հարցադրումներու բացայայտումով, նոր հարցադրումներ կը դրուին պարզապէս։

Անշուշտ այս բոլորը, զոր ներկայացուցինք հոս, չեն կրնար գրագէտի մը ամբողջութիւնը՝ աշխարհայեացք, թէքնիք, ոճ եւայլն բացայայտել. կրնան միայն կէտեր նշել, ընդհանուր եզրեր ներկայացնել, ճիշդ քարտէսի մը պէս, որուն ուսումնասիրութիւնը չի փոխարիներ տուեալ տարածքին իրողական բացայայտումը. միայն հետաքրքրութիւն կ՚արթնցնէ, տարածք կը նշէ։

Հոս գրուածները կրնան վիճայարոյց ըլլալ, ինչ որ երաշխիք մըն է գիրքին եւ գրագէտին յաջողութեան։ Ապրող երեւոյթներն են միայն, որ գրգռելու յատկութիւն ունին։

Արտատպուած՝ Յառաջ. Միտք եւ Արուեստ, Նոյեմբեր 2000

[1] «Զրոյցներ Բանաստեղծութեան Մասին», Գր. Պըլտեան, Երեւան 1999, «Երկ» մատենաշար թիւ 2, էջ 87։ Ասկէ ետք սոյն գիրքը պիտի նշենք Զ. Բ. Մ. կրճատումներով։

[2] «Մարտ», Գր. Պըլտեան, 1997 Տպ. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս, Լիբանան։

[3] «Տրամ», Գր. Պըլտեան, 1980 Պէյրութ, Տպ. Աթլաս։

[4] Զ. Բ. Մ. էջ 87։

[5] Նոյն, էջ 113։

[6] «Հարուածը», Գր. Պըլտեան, 1998  Հալէպ, Մաշթոց մատենաշար, թիւ Դ., էջ 276։

[7] Նոյն, էջ 41։

[8] Նոյն, էջ 99։

[9] Նոյն, էջ 64։

[10] Նոյն, էջ 94։

[11] Նոյն, էջ 24։

[12] Նոյն, էջ 36։

[13] Նոյն, էջ 85։

[14] Նոյն, էջ 39։

[15] Նոյն, էջ 47։

[16] Նոյն, էջ 138։

[17] Նոյն, էջ 140։

[18] Նոյն, էջ 38ի նօթը։

[19] Նոյն, էջ 21։

[20] Նոյն, էջ 38։

[21] Նոյն, էջ 41։

[22] Նոյն, էջ 53։

[23] Նոյն, էջ 81։

[24] Նոյն, էջ 23։

[25] Նոյն, էջ 41։

[26] Նոյն, էջ 41։

[27] Նոյն, էջ 154։

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *