Վեհանոյշ Թեքեան | Եղիշէ Չարենց

 

Դոփելով, շաչելով, աստղեր վա՛ր քաշելով
Իր Կարսէն մտաւ Երեւան.
Ցանեց ցոլք փրփրածին, տեսիլք ոսկեբառ
Շեփորը հնչեց որոտան
Սրինգը հեռացաւ վախցած
Ջութակը մղկտաց աղի
Թաւջութակը նստաւ համարձակ
Քնարը յուզախառն վիպեց
Բամբ երգեհոնը երբեք չլռեց։

Հրածին հեթանոս ու հաւատացեալ արդար
Միջնադարեան գրիչ, քերթող ու մարգարէ.
Ո՞վ կը թակէ դուռը պղնձաձոյլ ձեռքով
Ո՞վ կը բերէ Գիրք Ճանապարհին հրէ։

Կրա՛կ էր պէտք որ Երկիրը ո՛չ թէ այրեր՝ ապրե՜ր,
Յորդեցաւ Սոման ու ամբոխը ըմպեց։
Գալիքի գանգրահեր սերունդներուն համար
Պատմութեան դարպասին անմահութի՛ւն գամեց.
Արնաքամ ու բոցաշունչ՝ երիվարէն իջաւ
Գնաց կախաղան. «Թող վերջի՜նը ըլլամ»։

Սուրբ պատարագի մոգը փրկութեան
Հայոց քերթողը ցաւագին ճչաց.
Կը վխտային չորս կողմ դահիճ ու դաւաճան
Յայտնեց գաղտնագիրը ցեղին յաւերժութեան։

Յետոյ ցուպը ձեռքին իջաւ իր Մասիսէն
Վիշապաքաղ ձմրան բուք ու բորանի դէմ,
Մորմոք է երգեհոնը նայիրեան երկրի,
Կախարդուած աշխարհի դուռը ո՞վ կը թակէ.-
Բաց դուռը, Կարինէ՜, դուռը բա՛ց, Չարե՛նցն է։

Ոտքին տակ ճզմած բազէն մեղսոտ կեանքի,
Սուրբը եւ զոհը այս՝ հառաչանքով մեղմիկ
Թողած ուրու եւ քամի, ճրագին տակ անցեալի
Ձեռքերուն մէջ կը շոյէ
Լուսամփոփէ աղջիկը
եւ դիմակը Արփիկին։

Ապրիլ 24, 2021
ԱՄՆ

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *