Վեհանոյշ Թեքեան | Կաղանդի ծառ

Պատրաստութեան եղանակը

Ծառը պոկել, տուն բերել, վրան զարդարել,
նախ անկիւն մը ընտրել որ պատուհանէն կ՚երեւայ,
լոյսերը ոլորել ճիւղերուն մէջէն,
տարիներու ընթացքին հաւաքուած զարդերը կախել
աչքառուները՝ առջեւ
կոտրած հինցածները՝ ետեւ, պատին կողմը։
Ծառը թարմ պէտք է մնայ, ջուր զետեղել որ չծարաւնայ,
վրան հրեշտակներ կախել,
քիչ մըն ալ փլիթ,
այնքան կը թռչկոտին որ շուտով կ՚անօթենան,
արդէն առանց հրեշտակի բան մը երկար չի դիմանար։
Երբեմն աչքի պոչով դիտել. Ծառը կը խօսի,
իր ճակատագրի այն պահ է
երբ վառուելով վառուելով պիտի չորնայ,
այլեւս պիտի չսարսռայ
անտառային եղանակներու գինովութենէն։

Չհարցուցինք իրեն՝ կ՚ուզէ՞ր պոկուիլ իր հողէն,
անուրջի եւ գգուանքի պահանջք ունինք.
Ի՜նչ ցնծութեամբ մտցուցինք զայն տուն
եւ հակառակ որ իր կեանքի երազներուն մաս չէր կազմեր
մեր տունը գալ «… ձմեռ օր մը ձիւնին մէջէն միս-մինակ…»
եկեր է եւ իր սրսփուն անկիւնէն
ճառագայթներ սփռէ պիտի
մոգական թելեր, յիշողութեան թաւիշ.
արդէն ի՛նչ կ՚արժէ տօն մը եթէ չունի լուսապսակ։

Ամէն տարի Կաղանդ չենք տօներ,
սուգ կ՚ըլլայ, հեռաւորութիւն կ՚ըլլայ
անհամութիւն կ՚ըլլայ.
Եթէ երեխաներ կան՝ տօնելու է Կաղանդը
ինչո՞ւ.
Է՛հ, ամենուն պէս մենք ալ կ՚ուրախանանք։
Այս օրուան մէջ պէտք է տեղաւորել
Կաղանդ Պապային ծանր հասցէներու կապոցը
եւ մեր անկշռելի յոյսը.
առաջ Մասիս Սարէն կու գար
հիմա՝ բոլոր թաղերու բոլոր անկիւններէն։

*
* *
Առածին չափ ալիւր

Աստուած սիրես, թափէ սա կեղծ ծաղիկները
որ որոշած են չթառամիլ.
Արդէն կեանքին մեծ մասը անցանք,
մեր անձկութեան դարմանը արդարութիւնը չէ,
անհրաժեշտ է արդարութիւնը
բայց չի դարմաներ վէրքը։
Եւ ժամանակը խամաճիկի պէս
քիթ-բերանը ծեփած կեցեր է մեր դիմաց
կը սպասէ հաստափոր Կաղանդ Պապային, որուն աչքերը
ուղղութիւն կու տան Նոր Տարուան.
Անոր զուարթ կուզին դիմաց
իրենց ամբողջ կեանքը շիփ-շիտակ կայնած մոմերը
մեղմիւ կը սկսին հալիլ,
մինչ մենք՝ ձեւի, գոյնի
տուփ բանալու խաղեր կը խաղանք
եւ կը խաբուինք, երբեմն լաւ երբեմն գէշ,
որովհետեւ տուփին մէջ մեր տեսածը՝ ուրիշ
Նոր Տարուան բերածը՝ ուրի՜շ…

*
* *
Հրամցնելու ձեւ – թիւ մէկ

Պատանեկան խինդը որմով կ՚արթննան օրերը
Կաղանդի Ծառին տակ կը դնեն
մէկ տուփ քաղցրութիւն
երկու տուփ զսպուած բարկութիւն
մէկ տուփ յայտնի բաներ
երեք տուփ գաղտնիքներ
տուփ մը համով հոտով բարեկամութիւն
երկու տուփ ազգականական անհամութիւն
տուփ մը պաչիկ
երկու տուփ կեղծիք
տուփ մը ժողովրդավարութիւն
չորս տուփ բռնատիրութիւն
(ասոնց համար արեան գին վճարուած է)։

Անգոյն յոյսեր՝ որոնց վրայ բազում գոյներ փաթթուած են
եւ սրտաբուխ-բուխ-բուխ քարտեր տեղաւորուած.
Թափանցիկ տրտմութիւններ
որոնք եթէ ճիշդ պէթըրին գործածես
մահ շնչելով կը շրջին։
Ասոնք բոլորը – շուկան գիտցողը գիտէ –
վաճառքէ գնուած են
վերջին գինէն տաս առ հարիւր զեղչով։
Թարմ է Ծառը տակաւին, ոտնամանին մէջ
ջուր աւելցնել որ չի չորնայ, որ վառ պահէ
պապենական ջա՜հը
մեր չորս կողմը տարածուած
երեսուն տուփ լուծումներու
եւ հարիւր տուփ հրատապ հարցերու։
Կաղանդ Պապան այս բոլորը Չարի Բարիի կը վերագրէ
գլուխը կ՚առնէ կ՚երթայ։

Կաղանդ տօնելուն վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ,
Է՜հ, ամենուն պէս մենք ալ կ՚ուրախանանք։

*
* *

Հրամցնելու ձեւ – թիւ երկու

Կաղանդի յատուկ սպասներ զետեղեր ենք
պաստեղ, ընկոյզ, անուշապուրի հովանոց,
խնձորներ որ եդեմական հեքիաթներ կը վերապրին
կանկառներ որ գործը աւարտած տանտիկինի պէս
քովիններուն հետ զրոյցի նստեր են,
ոտքերը երկինք տնկած հաւիկներ
նարինջ ուր արեւի շունչը կը թրթռայ,
մինչ այդ կը պայթի շամփայնի կարճատեւ հրաբուխը
իսկ օրուան թերթը կը պատմէ
թէ՝ հին հայոց մէջ ինչպէ՛ս կը տօնէին Կաղանդը։
Մինչ տաք-տաք խաշած ճակընդեղը գինեմոլի նայուածքով
կը դիտէ շուրջը։

Բայց կեդրոնը Ծա՛ռն է, Կաղանդի Ծառը
որուն շուրջ կը դառնան մանուկները,
վառեր է հազարումէկ լոյսերը
ուր ձմրան փաթիլներն անգամ
փափուկ առագաստներ դարձած՝ կը սահին։
Գոհ են չափահասները
ի վերջոյ փրկեր են Ծառը օզոնի թոյնէն,
իր հողին վրայ ծերանալու ողբերգութենէն,
հաւաքականութեան մը մաս կազմելու
անյայտ անլեզու մնալու ճակատագրէն։

*
* *
Օրուան խորհուրդը

Չարագուշակ փողոցը
համբերութեամբ սպասեր էր այս օրուան,
Անցած է ժամը. ալ աւարտեր է կախարդանքը
եւ պաշտօնը անթերի կատարած Ծառը
շպրտուեր է դո՛ւրս
իր նախնիներուն նման։
Հիմա աղբահաւաքներ հեռուները տանին պիտի
հազարումէկ ճրագներ պլպլացուցած
յոգնա՜ծ թեւերը իր,
եւ իր հրեղէն ծառութենէն
ափ մը փա՛յտ պիտի մնայ։

Շպրտուե՛ր է մայթին
ճիշդ այն պատճառով՝ որ իր սեփական
արմատներէն կտրուելէ ետք
տակաւին լոյս ու հրճուանք հագաւ,
աստղի ոսկին ափերուն մէջ
մութ անցեալին՝ օրհնութիւն
իսկ ներկային խորհուրդ տուաւ։
Անէութիւն ապրած չէր,
ամէն շիւղին՝ կապոյտ յուռութք
նարնջահոս մեղեդիներ կախեր էր։

Իր անցեալէն ու իր փառքէն մերկացած
աքսորուեր է դարձեալ
շպրտուեր է մութի՛ն ճիշդ այն տան առջեւ
որուն լամբերու պաղած դէմքերէն
իր կրակը անցուց.
Եւ քերթողի իր էութեան տենդասարսուռ մատներով
ձմրան լոյսէն՝ աստղին մոխիրը վերցուց։

Նո՛ր անդրադարձած մարդկային դաժանութեան
ինկեր է Ծառը կողահար՝ բացայայտ ձիւնին
եւ մնջածածկ մայթին միջեւ.
Իր սառած երակներուն մէջ հիմա
Կեանքէն քակուած,
լուռ-լուռ չորցած լուր յուշ դարձած
երակներ։ երանգներ։

 

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *