Վեհանոյշ Թեքեան | Քաղցած քաղցրերգութիւն

ՔԱՂՑԱԾ ՔԱՂՑՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

Խնայէ՛ ծիծեռնակները, թող ցանեն իրենց երգերը,
պէտք չունիմ վարդերու, թող մնան արմատներով,
բարձրացո՜ւր զիս աչքերուդ
մինչեւ անցնի աշունը։

Կանաչ դաշտեր չեմ քալած հետդ տարիներով,
ոչ ալ գիտեմ թէ ինչպէ՛ս կը սպասես գարնան,
նարինջի պէս բացեր եմ հիւթեղ բառերը
որ ափերս կակուղնան։

Մէկ կեանք կ՚ապրէի եւ կ՚երազէի
տասը տարբեր կեանքեր,
մինչ անապատին ուրուականը կը դեգերէր
բոլոր պատմութիւններուն մէջ։
Կ՚ուզէի պատմութիւնս աւազներէն դուրս քաշել.
ազնիւ երգեր, բառի բերքեր կը ղրկէի,
կը համրանային ծիծեռնակները իրենց բոյներուն մէջ,
բայց կ՚երգէի՜
եւ աչքերս երեխայ կը մնային։
Յետոյ վարժուեցայ խօսիլ մութին մէջէն
ժամանակի եւ տարածութեան
ու ծերացայ։

Գրեցի, անդադար գրեցի, որպէսզի լոյսը վառած մնայ,
որքան մեծցաւ լոյսը՝ այնքան ծանրացաւ մոխիրը
ու ծածկեց լեզուս։

Մնացի
զաւակներս գրկած՝ հողի իմաստութեան
եւ արեան խենթութեան միջեւ մնացի։
Գլխահակ ամրոցներ, յետոյ՝ ճաթած գերաններ,
ճմռթկուած նկարներ՝ գաղթի հոտը վրան։

Միջերկրականեան ի՜նչ աղմկարար միջօրէ էր –
Դիմացայ հաւաքական մռնչիւնին դէմ
եղեգներու փողէն բոց արձակելով։
Կը պատրաստուէի ինչի՛։

Հիմա անձայնութիւն է,
մեռելներու խլրտուք
ու ողջերու անդորրութիւն մահասարսուռ։
Պիտի չհասկնա՛ս անձայնութեան այս ահը,
ոգեղէնի շանթահար թաւալքը Խաղաղականի կողին,
թաւալումը անձայնութեան։

Դարերու բազմուղի ու խաչակերպ ձայներէս ետք,
աղի մայրիներու ջերմոցներէ ետք
անձայնութեա՜ն այս ոլորտը
պիտի չհասկնաս.
խենթացած, ուռած, թունաւոր,
ոչ թէ համրութիւնը
այլ՝ անձայնութի՜ւնը։
Աշխարհասփիւռ անձայնութիւնը
որ ապրելու սահմանուած մեռելները կը թաղէ,
որ ողջերը ապառաժի մէջ կը պահէ.
ոչ թէ ձայնի չգոյութիւնը
այլ՝ զրկանքը ձայնի։

Հիմա տասը կեանք կ՚ապրիմ, եւ կ՚ըղձամ
այն սպիտակ կապոյտ թեւերով կեանքը
որ պատանութեանս կը գծագրէի։

Տարբեր գիշերներ ձեւեր են լուսիններս
Ամազոնի եւ Զանգուի միջեւ տեղ մը։
Ո՛ր բառերը գործածել
որ ջնջուին հազարաւոր մղոնները
Լեզուին եւ Կեանքին միջեւ,
մինչեւ տարին կծկուի մէկ օրուայ մէջ,
եւ թերթ-թերթ քերթուածներ կարդաս ինքզինքիդ
եւ կարդա՜ս ու կարդաս
մշուշը ծովեզերքը աւլած պահուն։

Երբեմն պահ մը կը հասնի,
այսպէս սրբազան պահ մը
երբ քաղաքը խունկ կը ծխէ.
ես այդ պահերով է որ գոյութիւնս կը շարունակեմ։

Աշնան գիշերներուն
պատուհանս բաց ձգեմ
որ երկիւղի ճառագայթներ
սպաննեն այս մահը,
ու մանկութեան պատէն կախուած սազը նորէ՜ն ծլնգայ
եւ ջարդուխուրտ ապակիէն յուշերու
հեղուի սէրը զմուռս զմուռս.
իսկ անձայնութեան կարծրութենէն զարհուրած
խօսքիս փափկութիւնը
վերստեղծէ ունկնդրութեա՛ն հրաշքը։

Լսուելո՜ւ հրաշքը,
չորցած տերեւի նման
որ անձրեւի քաղցրութիւնը կը գրկէ
կենսասարսուռ պահ մը,
հող դառնալէ առաջ։

Կանաչ դաշտեր չեմ քալած հետդ տարիներով
Ոչ ալ գիտեմ թէ ինչպէս կը սպասես աշնան։
Բառերս վերածեր եմ ծառի
որ ձմեռնային արեգնափայլ օրերուն
տագնապներուդ ամպը՝ անոր գերշնչող
կոճղին հասնի։

Առանց յոյսի, խորախորհուրդ հաւատներով
վերընդունէ գիրկս՝ գիրքս այս
մինչեւ անցնի բանաստեղծ աշունը
իր խշխշան մուճակներով։

Հանգիստ ձգէ ծիծեռնակները, թող իրենց երգերը շինեն,
Խնայէ վարդերուն որ արմատներ կապեն.
Ծառիս շերտ-շերտ պատմութիւնը
բունէն շերտ-շերտ թուղթեր շինած՝ շարեցի։
Անդունդներէն՝ արիւնլուայ, կը հաւատա՞ս
երկուորեակներս՝ Կեանքն ու Մահը ամուր գրկած
քսու քացախը՝ մեղրակաթի,
խաչելութիւնը՝ յարութեան վերածած յայտնուեցայ։
Հինգ տասնամեայ արեւներու պատեաններէն
հինգ հազարեակ հայկեան լեզուի կրակներէն
թռչներգեցի՜, մոխ-մոխ-մոխրացայ
ու վերջապէս
մատենացա՜յ։

Բարձրացո՛ւր զիս աչքերուդ
որ պարապին մէջ ձեռքդ մինակ չմնայ,
որ անձայնութեան
այս մահագոյժ անդունդին

Հեղեղ մը լո՜յս ծնանիմ։

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *